Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ժերար Փիքէ առաջարկած է կէտերէ զրկել երկու խումբերն ալ, եթէ մրցումի մը արդիւնքը 0-0 աւարտի:
«Աղուոր չէ ֆութպոլի երթալ, ծախսել 100, 200 կամ 300 եւրօ եւ մրցումը աւարտել 0-0 արդիւնքով: Ասիկա պէտք է փոխուի: Կ՛առաջարկեմ, որ եթէ մրցումը 0-0 արդիւնքով աւարտի, խումբերուն կէտեր չտրուին: Այդ ժամանակ 70-րդ վայրկեանէն սկսալ մրցումը ստիպուած աւելի յարձակողական կրնայ դառնալ», ըսաւ Փիքէ` «Մարքա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Նշենք, որ Փիքէ ֆութպոլը լքած էր 2023-ին:


