Չորեքշաբթի գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ աւարտականի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը հիւրընկալէր Լիվըրփուլը, Ֆրանսայի մէջ:
Այս մրցումին Փարիզ Սեն Ժերմեն ամէն ինչ կրցաւ ընել յաջողութեամբ, յարձակումներ կազմակերպեց գրեթէ ամբողջ մրցումի տեւողութեան, սակայն չկրցաւ գրաւել Լիվըրփուլի բերդը, որուն պրազիլցի բերդապահը` Ալիսոն Պեքըր իր ասպարէզի լաւագոյն մրցումներէն մէկը կատարեց:
Լիվըրփուլ չբաւականացաւ ասկէ, 87-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց Հարվի Էլիըթի միջոցով եւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը «գողցաւ» Փարիզի մէջ:
Գերմանիոյ մէջ, Պայերն Միւնիխ բացառիկ ֆութպոլ մը կիրարկեց Պայեր Լեւերքուզընի դէմ եւ 3-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ, քննադատող բոլոր լրագրողները ապշեցնելով: Վերջին 6 ճակատումներուն, Պայերն բնաւ չէր յաղթած Չապի Ալոնսոյի մարզած Լեւերքուզընին, եւ այս մրցումին բոլոր գրաւները կորսնցուցին բոլոր անոնք, որոնք կասկած ունէին Պայերն Միւնիխի կարողութիւններուն վրայ:
Հերի Քէյն (2) եւ Ժամալ Մուսիալա նշանակեցին Պայերնի 3 անպատասխան կոլերը:
Պարսելոնա 10 մարզիկով կրցաւ յաղթական վերադառնալ Պենֆիքայի դաշտէն: 18 տարեկան Փաու Քուպարսիի կարծր թաքըլը` 22-րդ վայրկեանին, պատճառ դարձաւ անոր հեռացումին, բայց ան խոշտանգած էր դէպի կոլ սուրացող մրցակից մը: 61-րդ վայրկեանին Ռաֆինիա նշանակեց Պարսելոնայի եւ մրցումին միակ կոլը:
Ինթեր Միլան Նետերլանտներու մէջ կը մրցէր Ֆեյէնուրտ Ռոթերտամի դէմ, եւ Մարքուս Թիւրամի ու Լաութարօ Մարթինեսի կոլերը բաւարար էին, որ Ինթեր յաղթէ Ֆեյէնուրտին:


