Օր մը առաջ կիսատ լքելէ ետք Տալաս Մեւրիքսի մրցումը Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ, բժշկական քննութիւններէ ետք փաստուեցաւ, թէ Քայրի Ըրվինկ ծունկին ետեւի մկաններու կապերը վիրաւորած է (Էյ. Սի. Էլ.), եւ այս ձեւով ան կանուխ աւարտեց այս եղանակը:
Ըրվինկ Տըմար Տըրոզընի կատարած ֆաուլէն ետք ինկած էր Քինկզի մարզիկ Եոնաս Վալանսիունասի ոտքին վրայ` կորսնցնելով իր հաւասարակշռութիւնը եւ իյնալով ձախ ոտքին վրայ, մինչ ծունկը բնականէն աւելի շեղակի ընդլայնած էր գետին չհասած` պատճառ դառնալով կապերուն փրթելուն:
Դաշտէն դուրս եկած պահուն, Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ հարցուցած էր Քայրիին, թէ արդեօք կարողութիւն ունի՞ շարունակելու մրցումը: Որովհետեւ ըստ «Էն. Պի. Էյ.»-ի օրէնքներուն, եթէ մարզիկ մը ֆաուլի ենթարկուի եւ ինք չհարուածէ ազատ հարուածը, չի կրնար անգամ մը եւս մասնակցիլ մրցումին: Քայրի օգնութեամբ դաշտ վերադարձած էր եւ նշանակելէ ետք 2 կէտերը վերադարձած էր հանդերձարան:
9 անգամ «Օլ Սթար» մրցումի մասնակցած Ըրվինկ միջին հաշուով 25 կէտ կը նշանակէր Տալասի հետ, եւ իր պատճառով է, որ Տալաս նախընտրեց փոխարինել Լուքա Տոնչիչը Լէյքըրզի Անթոնի Տէյվիսի հետ, որ սակայն միայն 1 մրցումի մասնակցեցաւ անցեալ 8 փետրուարէն ի վեր:
Ըրվինկ 2017-2018 տարեշրջանի արդէն վիրաւոր էր վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: