«Ֆորմիւլա 1». Փիասթրի Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին
Կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի 4-րդ կրան փրին, որուն ընթացքին «Մաքլարեն» անգամ մը եւս իշխեց, աւստրալիացի Օլիվըր Փիասթրիի շնորհիւ: Փիասթրի մրցումի սկիզբէն գրաւեց առաջին դիրքը, բայց ինչ որ տեսանք մրցումին այն է, որ «Մերսետես» եւ «Ֆեռարի» շատ ետ չեն «Մաքլարեն»-էն, մինչ «Ռետ Պուլ» 4-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի «Մաքլարեն»-ի, «Մերսետես»-ի եւ «Ֆեռարի»-ի ետին: «Ֆեռարի» կրնայ ըլլալ «Մաքլարեն»-ի ամէնէն մօտը,...




















