Արսենալ Լոնտոնի մէջ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռէալ Մատրիտը, «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին:
Միքել Արթեթայի խումբը 3 անպատասխան կոլեր նշանակեց Մատրիտի բերդին մէջ: Տիքլան Ռայս 2 անզսպելի եւ հիանալի ազատ հարուածներով գնդակը զետեղեց Թիպօ Քուրթուայի բերդին մէջ: 3-րդ կոլը նշանակեց սպանացի Մերինոն` արագ հակայարձակումի մը միջոցով:
Մրցումէն ետք Անչելոթթի յայտնած էր, թէ ինք կը կրէ իր պատասխանատուութիւնը պարտութեան մէջ:
Անգլիացի միջնապահ Ճուտ Պելինկհամ յայտնեց, որ ինք ձեւով մը բախտաւոր կը զգայ, որ Արսենալ միայն 3 կոլեր կրցաւ նշանակել:
Միւնիխի մէջ Պայերն Միւնիխ առաջին կիսախաղին գրեթէ ամբողջովին տիրապետելէ եւ վտանգելէ ետք Ինթեր Միլանի բերդը (առնուազն առաջին 30 վայրկեաններուն), հակայարձակումով մը կոլ մը ստացաւ Լաութարօ Մարթինեսին միջոցով:
Վեթերան Թոմաս Միւլըր, որ իր վերջին տարեշրջանը կը բոլորէ Պայերնի հետ, կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը, սակայն Ինթեր անմիջապէս պատասխանեց Ֆրաթեզիի միջոցով, որ փոխարինած էր Հենրիխ Մխիթարեանը 74-րդ վայրկեանին: