Այսօր վերջ կը գտնէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանը, ուր խումբերը կը կատարեն տարեշրջանի իրենց 82-րդ եւ վերջին մրցումը:
Օր մը առաջ յստակացաւ Արեւելեան շրջանի վերջնական դասաւորումը, մինչ Արեւմտեան շրջանի խումբերը իրար շատ աւելի մօտ ըլլալով այսօր առաւօտեան ժամերուն վերջին մրցումէն ետք է, որ կը յստականայ դասաւորումը:
2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ դարձեաւ պատմութեան 3-րդ մարզիկը, որ միջին հաշուով թրիփըլ տապըլ կ՛իրագործէ ամբողջ եղանակին:
Շաբաթ առաւօտ, երբ ան իր 4-րդ էսիսթը կատարեց Մեմֆիսի դէմ, ան արձանագրեց իր 700-րդ էսիսթը եղանակին միջին հաշուով 70 մրցումի ընթացքին 10 էսիսթ կատարելով:
Իրմէ առաջ Ռասըլ Ուեսթպրուք եւ Օսքար Ռոպերթսըն այդ մէկը կատարած էին:
Ուեսթպրուք, որ այժմ Եոքիչի խմբակիցն է, 4 անգամ կրցած է այդ մէկը կատարել 2017-ին, 2018-ին, 2019-ին (Օքլահոմայի հետ) եւ 2021-ին` Ուաշինկթընի հետ, մինչ Ռոպերթսըն 1962-ին կատարած էր այդ մէկը Սինսինաթիի հետ:
Ան Մեմֆիսի դէմ իր 34-րդ թրիփըլ տապըլը արձանագրեց` նշանակելով 26 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ իր խումբը` Տենվըր առաջնորդելով 117-109 արդիւնքով յաղթանակի: Ան այժմ 29,8 կէտ, 12,8 ռիպաունտ եւ 10,3 էսիսթ ձեռք ձգած է միջին հաշուով ամէն մրցումի:
Եոքիչ, որ վերջին 4 տարիներուն 3 անգամ շահած է «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը, այս տարի եւս թեկնածու է շահելու նոյն տիտղոսը, բայց սուր պայքարի մէջ կը գտնուի Օքլահոմայի Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտրի հետ:
Քլիվլենտ, որ Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւեց, իր 64-րդ յաղթանակը արձանագրեց Նիւ Եորք Նիքսի դէմ` 108-102 արդիւնքով, ուր Տարիըս Կարլենտ 26 կէտ եւ 13 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս Արեւելեան շրջանի 2-րդ դիրքը գրաւեց` արձանագրելով իր 60-րդ յաղթանակը Չարլոթ Հորնեթցի դէմ, 130-94 արդիւնքով:
Ինտիանա Փէյսըրզ չօգտուեցաւ Նիւ Եորքի (3-րդ) պարտութենէն եւ իր կարգին պարտուեցաւ Օրլանտօ Մեճիքէն իր դաշտին վրայ` մնալով 4-րդ դիրքին վրայ:
Միլուոքի Պաքս իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Տիթրոյիթի մէջ` 125-119 արդիւնքով յաղթելով տեղւոյն Փիսթընզին, ուր Եաննիս Անթեթոքումփօ 32 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 15 էսիսթ ձեռք ձգելով թրիփըլ տապըլ իրագործեց:
Շիքակօ Պուլզ եւ Մայեմի Հիթ 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը գրաւեցին եւ պիտի փորձեն ին-փլէյ զտումի մրցումին յաղթելով մրցիլ Օրլանտօ Մեճիք (7-րդ) – Աթլանթա Հոքս (8-րդ) մրցումի պարտուող խումբին դէմ` խլելու փլէյ օֆի 8-րդ եւ վերջին դիրքը:
Ստորեւ` 81-րդ եւ նախավերջին մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Աթլանթա Հոքս 110-124
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 115-129
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս 119-125
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 102-108
Պոսթըն Սելթիքս – Չարլոթ Հորնեթց 130-94
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մայեմի Հիթ 104-153
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-89
Տալաս Մեւրիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 124-102
Տենվըր Նակեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 117-109
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Պրուքլին Նեթց 117-91
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 111-145
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 100-101
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 86-103
Ֆինիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-98
Լոս Անճելըս – Հիւսթըն Ռոքեթց 140-109