Եւրոպայի 5 լաւագոյն ախոյեանութիւնները պիտի շարունակուին այսօր եւ վաղը. Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան «Փրեմիեր լիկ»-ի 32-րդ հանգրուանի, Սպանիոյ մէջ «Լա լիկա»-ի 31-րդ հանգրուանի, Իտալիոյ մէջ «Սերի Ա.»-ի 32-րդ հանգրուանի, Գերմանիոյ մէջ «Պունտըսլիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի եւ Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումները:
Միայն Ֆրանսայի մէջ է, որ ախոյեանի տիտղոսը վճռուած է. զայն Փարիզ Սեն Ժերմեն ապահովեց անցեալ շաբաթ:
Անգլիոյ մէջ Լիվըրփուլ 11 կէտի առաւելութիւն ունի Արսենալի վրայ, Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա 4 կէտի առաւելութիւն ունի Ռէալ Մատրիտի վրայ, Իտալիոյ մէջ Ինթեր Միլան 3 կէտի առաւելութիւն ունի Նափոլիի վրայ, մինչ Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ 6 կէտի առաւելութիւն ունի Պայեր Լեւերքուզընի վրայ:
Ճակատագրական կամ գագաթի մրցումներ չկան այս շաբաթավերջին, եւ միայն Գերմանիոյ մէջ է, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ «Տեր Քլասիքըր» մրցումը, որ իրար դէմ կը հանէ Պայերն Միւնիխը եւ Տորթմունտը:
Երկու խումբերն ալ վիրաւորներով «հարուստ» են եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իրենց մրցումները պարտութեամբ աւարտեցին:
Պայերն պիտի փորձէ անպայման յաղթել, բայց առանց որեւէ կորուստի… Վերջին քանի մը մրցումներուն Պայերն վիրաւորներ տուաւ ճիշդ այն պահուն, ուր խումբը պէտք է ամբողջական ըլլար պայքարելու թէ՛ եւրոպական ճակատի վրայ, թէ՛ ալ «Պունտըսլիկա»-ի: Տորթմունտ, որ «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի փորձէ դրական արդիւնք արձանագրել առնուազն 6-րդ դիրք հասնելու համար` յառաջիկայ տարի եւրոպական մրցաշխարքի յոյս ունենալու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 եւրոպական կարեւոր ախոյեանութիւններուն շաբաթավերջի յայտագիրը.
ԱՆԳԼԻԱ
ԱՅՍՕՐ
Մանչեսթըր Սիթի – Քրիսթըլ Փելես
Պրայթըն – Լեսթըր Սիթի
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Էվըրթըն
Սաութհեմփթըն – Ասթոն Վիլա
Արսենալ – Պրենթֆորտ
ՎԱՂԸ
Չելսի – Իսփուիչ
Լիվըրփուլ – Ուեսթ Համ
Վուլվզ – Թոթենհամ
Նիւքեսըլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Պայեր Լեւերքուզըն – Ունիոն Պերլին
Հոֆենհայմ – Մայնց
Մէօնշընկլատպախ – Ֆրայպուրկ
Պոխում – Աուկզպուրկ
Հոլշթայն Քիլ – Զանքթ Փաուլի
Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ
ՎԱՂԸ
Շթութկարթ – Վերտըր Պրեմըն
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Հայտընհայմ
ԻՏԱԼԻԱ
Վենեցիա – Մոնցա
Ինթեր Միլան – Քալիարի
Եուվենթուս – Լեչէ
ՎԱՂԸ
Աթալանթա – Պոլոնիա
Ֆիորենթինա – Փարմա
Վերոնա – Ճենովա
Քոմօ – Թորինօ
Լացիօ Ռոմա – Ա. Էս. Ռոմա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Նափոլի – Էմփոլի
ՍՊԱՆԻԱ
Ռէալ Սոսիետատ – Մայորքա
Խեթաֆէ – Լաս Փալմաս
Սելթա Վիկօ – Էսփանիոլ
Լեղանես – Պարսելոնա
ՎԱՂԸ
Օսասունա – Ժերոնա
Ալավես – Ռէալ Մատրիտ
Պեթիս – Վիարէալ
Աթլեթիք Պիլպաօ – Ռայօ Վայեքանօ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Վայատոլիտ
ՖՐԱՆՍԱ
Մոնաքօ – Մարսէյ
Թուլուզ – Լիլ
Սթրազպուրկ – Նիս
ՎԱՂԸ
Սենթ Էթիեն – Պրեսթ
Լը Հաւր – Ռենն
Անժէ – Մոնփելիէ
Օքսեռ – Լիոնենթուս – Լեչէ
ՎԱՂԸ
Աթալանթա – Պոլոնիա
Ֆիորենթինա – Փարմա
Վերոնա – Ճենովա