Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 42 կէտ նշանակեց եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը 136-120 արդիւնքով, Լուքա Տոնչիչի հեռացումէն ետք:
Տոնչիչ 23 կէտ նշանակած էր 4-րդ մասին, երբ վտարուեցաւ դաշտէն իր երկրորդ թեքնիքըլ ֆաուլէն ետք, եւ Թանտըր կրցաւ 29-12 արդիւնքով յառաջանալ եւ յաղթել մրցումը:
Ճէյլըն Ուիլիամս 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ 126-99 արդիւնքով պարտուած էր Լէյքըրզէն կիրակի գիշեր:
Այս յաղթանակէն ետք Օքլահոմա քայլ մը եւս առաւ մնալու լաւագոյն խումբը` արձանագրելով իր 65-րդ յաղթանակը` 14 պարտութիւններու դիմաց: Քլիվլենտ 2 մրցումով ետ կը մնայ, եւ տակաւին 3 մրցումներ ունին զոյգ խումբերն ալ:
Օքլահոմայի համար 65 յաղթանակը մրցանիշ է իր պատմութեան մէջ: Վերջին անգամ 1995-1996 տարեշրջանին, երբ խումբը Սիեթըլ Սուփըրսոնիքս կը կոչուէր, 64-18 արդիւնքով աւարտած էր բնական տարեշրջանի ախոյեանութիւնը:
Լըպրոն Ճէյմս 28 կէտ նշանակեց եւ Օսթըն Ռիվզ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի:
Միլուոքի Պաքս 24 կէտով ետ մնալէ ետք կրցաւ 4-րդ մասին 40 կէտ նշանակել եւ միայն 13 կէտ ստանալով յաղթել 110-103 արդիւնքով Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:
Երկու խումբերն ալ իրենց վերջին 5 մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրած էին, բայց Միլուոքի շնորհիւ իր յոյն մարզիկ Եաննիս Անիթեթոքումփոյի թրիփըլ տապըլին (23 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) կրցաւ յաղթական դուրս գալ:
Ասիկա Անթեթոքումփոյի յաջորդական 3-րդ թրիփըլ տապըլն էր: Մինեսոթայի լաւագոյն մարզիկներն էին Անթոնի Էտուըրտծ (25 կէտ) եւ Տոնթէ Տիվինսենցօ (24 կէտ):
Քլիվլենտ Քեվելիրզ 135-113 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզին: Էվըն Մոպլի 21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Շիքակոյի լաւագոյնն էր Մաթաս Պազելիս (19 կէտ):
Մեմֆիս Կրիզլիզ 124-100 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին, ուր Ճա Մըրենթ 28 կէտ նշանակեց եւ 8 էսիսթ կատարեց Մեմֆիսի հաշուոյն:
Արեւելեան շրջանի կարեւոր ճակատումի մը, Պոսթըն Սելթիքս Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ կրցաւ յաղթել Նիւ Եորք Նիքսին` 119-117 արդիւնքով:
Նիւ Եորք Նիքս, որ իր դաշտին վրայ միշտ դժուար խումբ եղած է, 11 կէտի առաւելութիւն ունէր, բայց անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն կրցաւ վերադառնալ եւ մրցումը աւարտել 107-107 արդիւնքով: Դիմուեցաւ երկարաձգման, ուր Պոսթըն 12 կէտ նշանակեց:
Քարլ Անթոնի Թաունզ (34 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Ճէյլըն Պրանսըն (27 կէտ) եղան Նիւ Եորքի լաւագոյնները:
Քրիսթափս Փորզինկիս (34 կէտ) եւ Ճէյսըն Թէյթըմ (32 կէտ) եղան Սելթիքսի լաւագոյն մարզիկները եւ Սելթիքս «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք 20-4 տպաւորիչ յաղթանակներու շարք մը ձեռք ձգած է:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս 119-112
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 104-98
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Շիքակօ Պուլզ 135-113
Չարլոթ Հորնեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 100-124
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս 117-119
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 119-114
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 136-120
Միլուոքի Պաքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 110-103
Ֆինիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 95-133
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 122-117