Չորեքշաբթի օր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը ներկայացուց իր 24 մարզիկները Պէյրութի իր ակումբին մէջ, ուր մարզիկները ծանօթացան 7 ախոյեանութիւն շահած տիտղոսներու բաժակներուն, նոյն պահուն ստորագրելով ակումբի տոմարներուն վրայ:
24 մարզիկները կը պատրաստուին Պէյրութի շրջանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, յոյսով, որ խումբը այդ ախոյեանութեան կը տիրանայ եւ ան 2021-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը բարձրանայ Գ. դասակարգ:
Ստորեւ` 24 մարզիկները.- Մայքըլ Ժաք Արսլանեան, Վահագն Զարմէնեան, Հայսամ Մոքտատ, Մոհամետ Մաթար, Աւագ Պալապանեան, Ալի Խաշշապ, Էլիօ Շաքար, Ռատուան Պազզի, Յարութ Յակոբեան, Մահմուտ Հաուլի, Մուսա Մաթար, Ալի Սալման, Եուսեֆ Ռաշիտ, Ապպաս Սաատէ, Ալի Ապտալլա, Քարիմ Համտար, Մոհամետ Շարքաուի, Յակոբ Ապտալեան, Սարգիս Աւետիսեան, Մահմուտ Ֆաքիհ, Մոհամետ Ապտել Սաթեր, Վարդան Սարգիսեան, Ահմետ Զէյն, Սերժ Գաբրիէլեան:
Խումբին մարզիչն է Վաչէ Սարգիսեան, իսկ օգնական մարզիչը` Խաչիկ Սերոբեան: Բերդապահներու մարզիչն է Ռամի Պերրօ, իսկ բժիշկը` Բագրատ Գրիգորեան: