Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Ա. Էս. Ռոմայի նախկին խմբապետ Ֆրանչեսքօ Թոթթի կը կարծէ, որ եթէ Լիոնել Մեսսի Ռոմայի մարզիկ ըլլար, ան երբեք չէր կրնար ոսկի գնդակ շահիլ:
«Տուէ՛ք Մեսիին 25 տարի Ռոմայի հետ եւ կը տեսնենք, թէ որքա՛ն ոսկի գնդակ կը ստանայ: Ոչ մէկ», ըսաւ Թոթթի «Վիվաէլ ֆութպոլ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Թոթթի իր ամբողջ ասպարէզը անցուցած է Ռոմայի հետ` դառնալով աշխարհի ախոյեան` Իտալիոյ հետ, եւ մէկ անգամ «Սերի Ա.»-ի տիտղոս ձեռք ձգած է Ռոմայի հետ:
Մեսսի իր կարգին 1 անգամ դարձած է աշխարհի ախոյեան` Արժանթինի հետ (2022-ին), եւ խաղցած Պարսելոնայի, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ինթեր Մայեմիի հետ, շահելով 8 ոսկի գնդակ:
Նշենք, որ քանդակագործ Աշոտ Պօղոսեան ձեռագործ արձանիկ մը նուիրած էր «Հռոմի կայսր» Թոթթիին, որ զայն ստացաւ վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Էր. Պէ. 2025» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին:
Թոթթիի նուիրուած արձանիկը Պօղոսեանի ֆութպոլի շարքի մէկ մասն է: Աւելի կանուխ ան իր հեղինակած աշխատանքները նուիրած է Նիքիթա Սիմոնեանի 98-ամեակին, ինչպէս նաեւ պրազիլցի Քաֆուին:
Քանի մը օր առաջ Իտալիոյ Քոմօ ակումբը 48 տարեկան Թոթթիին առաջարկած է 3 ամսուան պայմանագրութիւն մը…
Թոթթի, որ 2018-ին լքած էր ֆութպոլը, վերջերս յայտնած էր, թէ կը ցանկայ վերադառնալ ֆութպոլ: Ան 2017-էն 2019 Ռոմա ակումբի տնօրէնն էր:


