Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պարնզի 3 Կէտնոց Կողովը Վտանգեց Կոլտըն Սթէյթի Դիրքը

April 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ, ուր վեթերան Հարիսըն Պարնզ 3 կէտնոց կողով մը նշանակելով յաղթանակը նուիրեց իր խումբին` Սան Անթոնիօ Սփըրզին, որ 114-111 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ուորիըրզի նախկին մարզիչ Պարնզի նշանակած կէտերը` պազըրին (մրցումի աւարտի սուլիչին), անակնկալի բերաւ Ուորիըրզը, որուն փլէյ օֆի ուղղակիօրէն հասնելու յոյսերը դժուարացան: Արդարեւ, այժմ 7-րդ դիրքի վրայ գտնուող Ուորիըրզ 2 մրցում ունի կատարելիք, եւ իր անմիջական մրցակիցները` Մեմֆիս (6-րդ) եւ Մինեսոթա (8-րդ), 3 մրցում ունին:

Պարնզ 20 կէտով աւարտեց մրցումը, մինչ Քելտըն Ճոնսըն եւ Սթեֆըն Քեսըլ 21-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Սփըրզի, որ յոյս չունի հասնելու փլէյ օֆին:

Սթեֆ Քըրրի 30 կէտ նշանակեց եւ Ճիմի Պաթլըր 28 կէտ աւելցուց Ուորիըրզի հաշուոյն:

Թեքսասի մէջ, Տալաս Մեւրիքս հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, որուն հետ կը մասնակցէր Լուքա Տոնչիչ, որ անցեալ յունուարին անակնկալ որոշումով մը միացած էր Լէյքըրզին` 5 տարիներէ աւելի խաղալէ ետք Տալասի հետ: Տոնչիչ լաւ ընդունելութիւն ստացաւ Տալասի համակիրներէն, որոնք իր անունը կանչեցին քանի մը առիթով: Լուքա Տոնչիչ 45 կէտ նշանակեց իր նախկին խումբին դէմ, մինչ Անթոնի Տէյվիս, որ իր կարգին Լէյքըրզը լքելով միացած էր Տալասին, 13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Լըպրոն Ճէյմս 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ ետ կը մնար 4-րդ մասին, բայց լաւ ձեւով աւարտեց մրցումը եւ 112-97 արդիւնքով յաղթեց Տալասին:

Լէյքըրզ այժմ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ արեւմտեան շրջանին մէջ, բայց իր ամէնէն մօտ «դրացի» Լոս Անճելըս Քլիփըրզ եւ Տենվըր Նեկեթց, ինչպէս նաեւ Մեմֆիս Կրիզլիզ շատ մօտ են, եւ մնացեալ 2-3 մրցումներուն շատ բան կրնայ փոխուիլ դասաւորման մէջ:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 103-122
Օրլանտօ Մեճիք – Պոսթըն Սելթիքս 96-76
Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 97-112
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 126-96
Շիքակօ Պուլզ – Մայեմի Հիթ 119-111
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 133-126
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց 116-124
Ֆինիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 112-125
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-114
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ -Հիուսթըն Ռոքեթց 134-117

Նախորդը

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Սալահ Մօտ Օրէն Պիտի Երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.