Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Տկա՞ր, Զօրաւո՞ր, Թէ՞ Բախտաւոր…

April 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Մարզական աշխարհին եւ մանաւանդ խմբային խաղերու ծիրին մէջ, շատ կը լսենք, թէ մարդիկ կը խօսին (իբրեւ մասնագէտներ) այն մասին, որ այս մարզիկը պատմութեան լաւագոյնն է կամ այս մարզիչը աննման է:

Բոլորս տեսած կամ լսած ենք (1970-ականներէն առաջ), թէ այս դիրքին վրայ խաղցող մարզիկը տարբեր էր, շատ կոլեր կը նշանակէր, կամ բերդապահի պարագային «պատմական» բերդապահ էր:

Ճիշդ այդ պատճառով ալ, աշխարհի տարբեր հատուածներէն մասնագէտներու կը հարցուի, թէ ո՛վ է պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կամ մարզիչը, կամ պասքեթպոլի պատմութեան լաւագոյն «Էմ.Վի.Փի.»-ն:

Ուրիշներ կը նային վիճակագրութիւններու (սթաթիսթիքս)… Անձնական կարծիքովս` այդ հաստատ բան չի նշանակեր, որովհետեւ բազմաթիւ մարզիկներ միայն գնդակի հետ չէ, որ արդիւնաւէտ կ՛ըլլան, անոնք այլ ձեւերով ալ կրնան խումբը ուղղել, լաւ դիրքերու վրայ գտնուելով օգնել խումբին զանազան տեղեր գտնուելով:

Շատ կը լսենք, թէ Մեսսի կամ Ռոնալտօ պատմութեան լաւագոյններն են, մինչ աւելի տարեց մասնագէտներ, որոնք ականատես եղած են մինչեւ Փելէի օրերու ֆութպոլը, կը խօսին Փելէի, Քրոյֆի, Մարատոնայի մասին իբրեւ լաւագոյններէն:

Վերջերս նետերլանտցի Մարքօ Վան Պասթըն խօսած էր այս կէտին մասին, ուր նշած էր, թէ Տիեկօ Մարատոնա աւելի լաւ ֆութպոլիստ եղած էր, Քան Մեսսին, որովհետեւ միշտ իր խմբակիցները մղած էր դէպի յառաջ, մինչ Մեսսի ընդհանրապէս այդ կարողութիւնը չէ ունեցած, միայն երբ գնդակը իր մօտ ըլլայ օգտուած է առիթէն կոլեր կամ էսիսթներ տալով: Մարատոնա, որ բնաւ չէր «պտտեր» դաշտին վրայ, վստահաբար ՖԻՖԱ-ի «շփացած տղան» չէ եղած, դաշտէն դուրս օրինակելի չըլլալուն պատճառով: Այդ կէտին մէջ փորթուգալցի Ռոնալտօ պատմութեան ամէնէն օրինակելի ֆութպոլիստներէն մէկը կը նկատուի` իր տիպար ֆութպոլիստի առած քայլերով, հակառակ անոր որ դաշտին վրայ թերեւս Մեսսիի նման «բարի եւ օրինակելի» չի թուիր:

Մարզիչներն ալ նոյն հարցերը ունին, երբ իրենց առաջնորդած խումբը բաժակներ կամ տիտղոսներ շահի, կա՛մ շատ կը փառաբանուին, կա՛մ ալ մարզիկները աւելի անուն կը շահին: Պարտութեան պարագային է, որ մարզիչը եւ բերդապահը (եթէ իր սխալին պատճառով ըլլայ) կրնան ծիծաղի առարկայ դառնան:

Եթէ լաւագոյն բերդապահի պարագային ալ իր առջեւ գտնուող կեդրոնի պաշտպանները լաւ չըլլան կամ փոխարինուին, իրենց կապը կրնայ թուլանալ, եւ ինքնավստահութեան պակաս ծագելով կը սկսի սխալներ գործել:

Կրնանք իբրեւ թարմ օրինակ տալ Մանչեսթըր Եունայթըտի քամերունցի Անտրէ Օնանայի պարագան:

Օնանա Այաքս Ամսթերտամի հետ փայլելէ ետք մէկ տարեշրջան խաղցաւ Ինթեր Միլանի հետ եւ լաւ ելոյթներէ ետք միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Եունայթըտի հետ ան յաճախ սխալներ գործեց եւ կը գործէ` պատճառ դառնալով կոլեր ստանալու… Պատճա՞ռը… Տկա՞ր բերդապահ է կամ անբախտ: Բայց նայինք Եունայթըտի այս եղանակին, ուր մեծ թիւով մարզիկներ ու մարզիչ փոխուեցան, եւ յաճախ վիրաւորուելով «կարմիր սատանաներ»-ուն յետսապահ գիծը միշտ ալ տարբեր դէմքերով կը խաղայ, ուր բերդապահ Օնանա տակաւին ո՛չ կրցաւ «վարժուիլ» յետսապահներուն, ո՛չ ալ համակիրներուն ճնշումին:

Պասքեթպոլի պարագային ալ նոյնն է, եթէ թիւերով բան մը վճռենք, միշտ ալ ճիշդ լուծումի չենք հասնիր: Լըպրոն Ճէյմս վստահ լաւ մարզիկ է, բայց Մայքըլ Ճորտընին չի հասնիր, նոյնիսկ եթէ ան շատ աւելի կէտեր, ռիպաունտներ կամ նոյնիսկ ախոյեանութիւններ շահի:

Ի վերջոյ, խմբային մարզանքներու մէջ ո՛չ տկար կայ, ո՛չ զօրաւոր, եւ բախտը որուն ալ ժպտի, ան է, որ կրնայ յաղթել:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր Կ՛աւարտի Բնական Տարեշրջանը. Նիքոլա Եոքիչ Եւ Թրիփըլ Տապըլի Տարեշրջան Մը

Յաջորդը

«Քանատան Եւ Միացեալ Նահանգները Մայիսին Առեւտրական Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.