Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրասթիսլաւայի մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան արծաթէ մետալ շահեցաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի 61 քկ կշիռի մրցումներուն, երբ չնչին տարբերութեամբ (7-5) զիջեցաւ իր ռուս մրցակիցին` Զաւուր Ուկույեւի դէմ աւարտականին:
Ուկույեւ, որ Թոքիոյի Ողիմպիականին ոսկի մետալակիրն էր, աշխարհի թիւ 2 դասուած ըմբիշն է, մինչ երեք անգամ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր, ինչպէս նաեւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան այժմ 8-րդ դասուած մարզիկն է: