Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, 70 քկ կշիռի Արման Անդրէասեան արծաթէ մետալ շահեցաւ Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Աւարտականին Անդրէասեան 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս Տաւիտ Պայեւէն, որ աշխարհի նախկին ախոյեանն էր: Կիսաւարտականին Անդրէասեան 3-1 արդիւնքով յաղթած էր թիւ 1 դասուած վրացի Աքաքի Քեմերթելիծէին:
Այսօր 61 քկ կշիռի աւարտականին Արսէն Յարութիւնեան պիտի մրցի ռուս Զաւուր Ուկույեւի դէմ:
Կիսաւարտականին Արսէն Յարութիւնեան 5-2 արդիւնքով դուրս ձգած էր Չելեմխան Ապաքարովը (Ալպանիա):
65 քկ կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր Վազգէն Թեւանեան, որ պարտութեան մատնեց վրացի Կոկա Օթինաշվիլին:
Ան կիսաւարտականին պարտութիւն կրած էր աւելի ուշ ոսկի մետալակիր Իպրակիմ Իպրակիմովէն (Ռուսիա)` 3-2 արդիւնքով:
57 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մանուէլ Խնձրցեան 15-12 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Գուրգէն Սիմոնեան (97 քկ), Նարեկ Յարութիւնեան (74 քկ) եւ Հայկ Պապիկեան (79 քկ) իրենց կարգին մասնակցեցան, բայց կանուխ հրաժեշտ տուին մրցաշարքէն:
Ուրբաթ օր կը սկսին յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումները: