Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիաս իր ակումբին պատմութեան մէջ պատմական մրցանիշ մը հաստատեց, կը յայտնէ մայրաքաղաքի կազմին պաշտօնական կայքը:
Կեթաֆէի դէմ («Լա լիկա») տեղի ունեցած մրցումին (19-րդ հանգրուան) Քասիաս, որ իր ակումբին հետ արձանագրեց իր 450-րդ յաղթանակը, յաջողեցաւ իր անունը արձանագրել ակումբին տոմարներուն վրայ:
«Լա լիկա»-ի մրցումներուն ան արձանագրած է 323 յաղթանակ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին` 88, մինչ մնացեալ յաղթանակները տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին արձանագրուած են:
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջազգային բերդապահը մատրիտցիներուն հետ մասնակցած է 703 մրցումի, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: