Ըմբշամարտի մրցագորգերուն դեղին եւ կարմիր գոյները, որոնք սկսած են գործածուիլ 1972-ին` Միւնիխի ողիմպիականի խաղերուն ժամանակ, ըստ UWW-ի, այլեւս չեն բաւարարեր թէ՛ պատկերասփիւռի կայաններուն եւ թէ՛ ալ լուսանկարիչներուն:
Ըմբշամարտի միասնութեան աշխարհը (UWW) որոշեց լուծում տալ այս հարցին` հաստատելով, որ այսուհետեւ մրցագորգի նոր գոյները կազմուած պիտի ըլլան կապոյտէն եւ նարնջագոյնէն:
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը մէջբերէ նաեւ այս որոշումին միւս կէտը, ըստ որուն ըմբիշներուն հագուստին հարցը ցարդ կը սերտուի եւ անոր գծով յառաջիկային այլ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի իրաւարարներուն, որոնք նախապէս պաշտօնական հագուստ եւ փողկապ կը հագնէին, այժմ օձիկով մարզաշապիկ եւ տաբատ պիտի հագնին: