Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող հայրենի միջնապահ Արսէն Յովհաննիսեան, որ լքեց իր ակումբը` Եքաթերինպուրկի Ուրալը, իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սարաթովի Սոքոլի հետ:
Յովհաննիսեան, որ պիտի կրէ թիւ 28 շապիկը, նախապէս Խիմքիի, Քալուկայի եւ Ուրալի հետ 121 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ: