Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը եղաւ Թրիփոլիի Մութթահետին:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 75-46 արդիւնքով:
Նշենք, որ կիսախաղին ՀՄԸՄ 45-22 արդիւնքով կը գերազանցէր դաշտին տէրը:
ՀՄԸՄ – Անթիլիաս երթի իր վերջին` 7-րդ հանգրուանի մրցումը պիտի կատարէ չորեքշաբթի, 4 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Ռիատի Պէյրութը:
Hachoghoutyoun