Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը` IFFHS, հրապարակեց 2014 թուականի աշխարհի զօրաւորագոյն ախոյեանութիւններուն դասաւորումը:
Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը 170 ախոյեանութիւններ ընդգրկող ցանկին մէջ կը գրաւէ 97-րդ դիրքը: Նախորդ դասաւորման հետ բաղդատած Հայաստան 10 դիրքի նահանջ մը արձանագրեց:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի սպանական «Լա լիկա»-ն, որուն կը յաջորդէ իտալական «Սերի-Ա.»-ն, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ը, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: