Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր երազն է տարեշրջանի մը ընթացքին կրկնել այն, ինչ որ կատարած էր նախապէս տիրանալ 3 տիտղոսի:
«Երբեք չեմ կրնար մոռնալ, թէ ի՛նչ կը զգայի 2012-2013 տարեշրջանին, երբ իմ ակումբիս` Պայէրն Միւնիխի հետ հեթրիք մը իրագործեցի: Ասիկա ինծի համար թռիչքի մը նման եղաւ: Երազս է դարձեալ նոյն զգացումներով ապրիլ: Մենք բոլորս ալ այս տարեշրջանին եւս այդ իրագործումը կատարելու բոլոր պայմանները ունինք: Կը յուսանք, որ դարձեալ յաջողինք մեր առաքելութեան մէջ», Ռիպերիի խօսքերը կը մէջբերէ ArmSport.am` վկայակոչելով «Պիլտ» պարբերաթերթը: