«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ չինական «Տալիան Ուանտա Կրուփ» ընկերութեան նախագահ Ուանկ Ճիանլին դարձաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի բաժնետէր:
45 միլիոն եւրօ արժողութեամբ այս համաձայնագիրը կնքուեցաւ` երկու կողմերուն միջեւ, երբ Ճիանլին այսպիսով դարձաւ Աթլեթիքոյի բաժնետոմսերուն 20 առ հարիւրին սեփականատէրը:
Բացի ատկէ, կողմերը մտադիր են 34 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրել Մատրիտի մէջ գտնուող երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ուր մարզուած են Չինաստանի երիտասարդ տաղանդները: