Ինչպէս ծանօթ է, 2-13 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան Համահայկական 6-րդ խաղերը:
ArmSport.am կը նշէ, որ Անգլիա բնակող հայ մարզիկները, կը նախապատրաստուին այդ խաղերուն:
«Թիմ Լանտըն-Փանարմինիըն Կէյմզ» կայքը կը յայտնէ, որ առաջին փորձերը սկսած են կատարել թենիս խաղացողները:
Կ՛ակնկալուի, որ Լոնտոն հանդէս գայ պասքեթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու խումբերով:
Մասնակիցներուն վերջնական ցանկը կը յստականայ այս ամսուան վերջը: