
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները նախորդ շաբաթավերջին հասան իրենց աւարտին, երբ Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցաւ Շանվիլ – Ռիատի Պէյրութ 6-րդ մրցումը:
Շանվիլ, որ նախանցեալ ուրբաթ օր մեծ անակնկալ մը ստեղծած էր, երբ յաջողած էր դառնալ այս տարեշրջանի առաջին խումբը, որ կրցաւ յաղթել Ռիատիի` անոր սեփական դաշտին վրայ, 6-րդ մրցումին իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան 101-78 արդիւնքով (26-11, 42-53, 65-73 եւ 78-101) պարտութիւն մը կրելով իր հիւրէն, դուրս մնաց ախոյեանութենէն, որովհետեւ եօթը մրցումէն Ռիատի արձանագրեց 4 յաղթանակ, մինչ Շանվիլ` 2:
Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց վրացի Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի (26 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Սիմս Տիշաուն` 13 կէտ, 5 ռիպաունտ:
Ռիատիէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 20 կէտ, 8 ռիպաունտ, մինչ Ժերեմիահ Մասսէյ` 17 կէտ, 4 ռիպաունտ:
Այժմ կը մնայ աւարտական մրցումներուն յայտագիրը, որ շուտով պիտի հրապարակուի Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: