
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի ծիրին մէջ, Շանվիլ – Ռիատի Պէյրութ չորրորդ մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Ռիատիի, որ արձանագրեց 81-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (14-25, 38-42, 56-60 եւ 71-81)` Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցած մրցումին:
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (20 կէտ, 16 ռիպաունտ), իսկ Շանվիլէն Ռոնի Ֆահտ` 19 կէտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի 3-1 արդիւնքով գերազանցեց Շանվիլը:
Անոնց միջեւ 4-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեկոյեան ժամը 17:50-ին, Մանարայի մէջ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Ռիատի պիտի ապահովէ աւարտական իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Պիպլոսը: