Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն կազմակերպիչները` գլխաւորութեամբ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին:
Ողջունելով իր հիւրերը` նախագահ Սահակեան յատկանշական նկատեց այն, որ այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկու պետութիւններուն համար շատ կարեւոր` Մայիսեան փառատօնին նախօրեակին:
Իշխան Զաքարեան շնորհակալութիւն յայտնելով այս ընդունելութեան համար տեղեկացուց, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Արցախի մէջ պիտի կիրարկուին մարզաձեւեր, որոնց կարգին` ֆութպոլի եւ վոլիպոլի մրցումները:
Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերուն ջահը պիտի վառի Շուշիի մէջ, ապա` Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքներով պիտի ուղեւորուի Երեւան:
Իշխան Զաքարեան նշեց, որ ջահը վառելու պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կատարուի յատուկ տօնակատարութեամբ:
Նշենք, որ Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 2-13 օգոստոսին:
Կ՛ակնկալուի, որ շուրջ 5000 երկսեռ մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերեն հետեւեալ մարզաձեւերուն:
Ֆութպոլ, մինի ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, աթլեթիզմ, թենիս, փինկ փոնկ, ճատրակ պետմինթըն, լողարշաւ, պիչ-վոլիպոլ, մարզական պարեր, կոլֆ, հենտպոլ, բազկամարտ, հեծելարշաւ եւ հրացանաձգութիւն: