Հոլանտացի ֆութպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ալմեր Սիթի 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Տեն Պոշի հետ:
Հիւր խումբին` Ալմեր Սիթիի եւ մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան (3-րդ), որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Ալմեր Սիթի բաւական առաջ արդէն իսկ ապահոված էր բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: