Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 36-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախապէս պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիոնի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու յոյսերը կը նկատուին գրեթէ չքացած` նկատի ունենալով, որ անիկա 3-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Քանի դաշտէն:
Լիոն այժմ վեց կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմենէն, որ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Կենկանը:
Եթէ իր կատարելիք վերջին երկու մրցումներէն Փարիզ Սեն Ժերմեն միայն մէկ կէտ ապահովէ, պիտի հանդիսանայ Ֆրանսայի ախոյեան:
Կենկանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Էտիսոն Քաւանի հեթրիք մը իրագործեց, Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց երկու կոլ, իսկ վերջին կոլը նշանակեց Մաքսուել: