Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի բոլոր նահանգներէն 12 խումբեր` հետեւեալ ձեւով.
Պէյրութի նահանգ` Շապապ – Պէյրութ:
Լեռնալիբանանի նահանգ` Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Շեպիպեթ Ամիլա – Ֆըրն Շըպպեք եւ Շապապ Զուք Մոսպեհ:
Հարաւի նահանգ` Շըմրան Պայսարիէ, Հարեթ Սայտա եւ Մաանի Սայտա:
Հիւսիսի նահանգ` Շապապ Ֆաուար եւ Ռիատա Ուալ Ատապ:
Պեքաայի նահանգ` Շապապ Զահլէ:
Զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներէն ետք յաղթական խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. խմբակին առաջին դիրքը գրաւեց Հարեթ Սայտա, որուն ետին 2-րդ դիրքը` Շապապ Ֆաուար:
Իսկ Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւեց Շըմրան Պայսարիէ, իսկ Բ. դիրքը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ: