Զուիցերիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ցիւրիխի Բ. խումբը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Օլտ Պոյզին:
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականին միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան յաղթական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ 75 վայրկեան: Անոր մէկ փոխանցումէն ետք նշանակուեցաւ մրցումին միակ կոլը:
ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը կը շարունակէ նշելով, որ Ցիւրիխ Բ.-ը կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արթուր Պետրոսեան: Անոր խումբը այժմ 40 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: