Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն միջազգային վարպետի կոչում շնորհած է հայրենի երկու ճատրակ խաղացողներու` Արման Միքայէլեանին եւ Դաւիթ Գէորգեանին:
Նշենք, որ Միքայէլեան Հայաստանի ճատրակի փոխախոյեանն է եւ քանի մը անգամ արդէն իսկ լրացուցած է կրանտմասթըրի չափանիշը: