Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լուէյզի (Զուք, Մոսպեհ), 74-62 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ֆէյթրունը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ առաջին մրցումին Լուէյզի 20-0 ի բացակայութեան յաղթելէ ետք Ֆէյթրունի, 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` առանց սպասելու 3-րդ եւ վերջին մրցումին, որ պիտի չկատարուի:
Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ – Ամալ Պիքֆայա մրցումին յաղթականը:
«Ֆայնըլ-ֆոր»-ի վերոնշեալ մրցումը (ընդամէնը երեք մրցում), կը սկսի շաբաթ, 9 մայիսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):