Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 6 մայիսին, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Նկատի ունենալով, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն աւարտէն ետք Ռիատի Պէյրութ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, անիկա իր դաշտին վրայ պիտի կատարէ երեք մրցում, մինչ երկու մրցում տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Ռիատի իր դաշտին վրայ կատարելիք իր երեք մրցումներն ալ կրնայ յաղթանակով աւարտել:
Եթէ ՀՄԸՄ յաջողի ինքզինք պարտադրել, տիրապետել իր մրցակիցին վրայ եւ տպաւորիչ ներկայացումներ կատարել, կրնայ յաղթել Ռիատիին:
Ասկէ մեկնելով, այսօր բոլորն ալ պիտի ուղղուին Մանարայի դաշտ եւ քաջալերեն ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները:
Նշենք, որ տրամադրուած են յատուկ փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի համակիրները պիտի փոխադրեն Մանարայի դաշտ` հետեւեալ վայրերէն. Ռաուտա, Ֆանար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ եւ Մըզհեր: