Այսօր երեկոյեան ժամը 21:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս անպայման պէտք է յաղթէ Ազուրի, եթէ կ՛ուզէ հասնիլ աւարտական:
Շաբաթ օր, առաջին մասին լաւ խաղալէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի օտարներէն Ճիլիըն Արչըր մրցումի պահուն քանի մը անգամ ինկաւ գնդակին համար պայքարելու պահուն, եւ այդ վայրկեանէն ետք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կարծէք իրենց ինքնավստահութիւնը կորսնցուցին:
Բ. մասին 10 կէտ, Գ. մասին 7… եւ վերջին մասին 9 կէտ: Շատ ցաւալի էր երեւոյթը: Աւելի լաւ եւ աւելի շատ «պատրաստ» մարզիկներ ունեցող խումբ մը` Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի նման, օրինաւոր ձեւով կորսուած էր դաշտին վրայ:
Մարթա Պըրս, որ միջին հաշուով 24 կէտ կը նշանակէր, 15 կէտ կրցաւ նշանակել միայն: Տանիելլա Ֆայյատ, որ 13 կէտ կը նշանակէր, միջին հաշուով 3 կէտ նշանակեց, Արչըր, որ 22 կէտ եւ 11 ռիպաունտ է իր միջին մրցումի կարողութիւնը, 7 կէտ եւ 4 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Աւելի՛ն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որուն տկար կէտերէն էին թըրն օվըրները, 10 թըրն օվըր ձեռք ձգեց Ազուրի 21-ին դէմ, բայց բնաւ չօգտուեցանք որեւէ առիթէ:
Թինա Ռաֆֆուլ (18 կէտ), Վիքթորիա Մաքոլէյ (15 կէտ), Ամար Մանսուր (14 կէտ) եւ Նեքա Էզէյկպօ (12 կէտ) շատ հանգիստ ելոյթ ունեցան:
Ազուր 2-1 արդիւնքով յառաջացաւ, եւ այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս անպայման պէտք է յաղթէ` պահելու իր յոյսերը եւ պարտադրելով 5-րդ վճռական մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի օր: