Պայերն Միւնիխ անցեալ կիրակի ախոյեան դարձած էր, երբ Լեւերքուզըն ձախողած էր յաղթել Ֆրայպուրկին եւ շաբաթ օր, Միւնիխի մէջ իր վերջին մրցումին, Պայերն տօնեց իր 34-րդ ախոյեանութիւնը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մէօնշընկլատպախին:
Թոմաս Միւլըրի համար վերջին ելոյթն էր Պայերնի հետ` Միւնիխի մէջ, ուր ան իր ասպարէզը անցուց 10 տարեկանէն սկսեալ, մնալով 25 տարի, ուր ան սկիզբէն կրած էր թիւ 25 շապիկը:
Հետաքրքրական էր խրուաթ յետսապահ Եոսիփ Սթանիշիչի ելոյթը, որ 2020-էն ի վեր Պայերնին մաս կը կազմէ եւ շահեցաւ իր 5-րդ յաջորդական ախոյեանութիւնը:
Ճիշդ է, որ Պայերն անցեալ եղանակին ախոյեան չդարձաւ, բայց Սթանիչ փոխ տրուած էր (6 ամսուան համար) Պայեր Լեւերքուզընին, որ ախոյեան դարձաւ անցեալ եղանակին:
Միւլըրի համար պարզ մրցում չէր… Ան իր 750-րդ ելոյթը կ՛ունենար Պայերնի հետ, 13-րդ «Պունտըսլիկա»-ն շահելով, 6 անգամ` Փոքալ (Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակ), 8 անգամ` Գերմանիոյ գերբաժակ, 2 անգամ` «Չեմփիընզ լիկ», երկու անգամ փոխախոյեան` «Չեմփիընզ լիկ»-ի, 2 անգամ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակակիր եւ ՖԻՖԱ-ի միջցամաքամասային ախոյեան:
Ան Գերմանիոյ հետ աշխարհի ախոյեան դարձած էր 2014-ին, իսկ 2010-ին` 3-րդ դիրքը շահած: Ինչպէս նաեւ 2012-ի եուրոյի 3-րդ դիրքը շահած:
Անհատական շատ տիտղոսներու տէր Միւլըր կը նկատուի Պայերնի եւ Գերմանիոյ յաջողութիւններուն մեծ դերակատարներէն` շատ մը կոլեր նշանակելուն կողքին մեծ թիւով էսիսթներ կատարելուն պատճառով:
Ստորեւ` «Պունտըսլիկա»-ի 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Պայեր Լեւերքուզըն – Տորթմունտ 2-4
Պայերն Միւնիխ – Մէօնշընկլատպախ 2-0
Վերտըր Պրեմըն – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 0-0
Ունիոն Պերլին – Հայտընհայմ 0-3
Պոխում – Մայնց 1-4
Հոլշթայն Քիլ – Ֆրայպուրկ 1-2
Վոլֆսպուրկ – Հոֆենհայմ 2-2
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Պայերն Միւնիխ 79 (95-32)
2.- Պայեր Լեւերքուզըն 68 (70-41)
3.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 56 (63-43)
4.- Ֆրայպուրկ 55 (48-50)
5.- Տորթմունտ 54 (68-51)