Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Վերջին Վճռական Մրցումը

May 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս 78-75 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազուրը` հաւասարեցնելով ճակատումներու արդիւնքը եւ պարտադրելով 5-րդ եւ վերջին վճռական մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 21:00-ին, Լուէյզիի դպրոցի դաշտին վրայ:

Շատ հետաքրքրական ելոյթներ տեղի կ՛ունենան երկու խումբերուն միջեւ, ուր պզտիկ մանրամասնութիւններ միայն կը վճռեն արդիւնքը:

Շատ կարեւոր է կանուխէն ճեղքել փորձել ֆաուլի հաւաքելու մրցակիցէն` առնուազն վերջին մասին աւելի հանգիստ խաղալու համար ինչպէս պատահեցաւ երկուշաբթի օր, երբ Ճելիըն Արչըր մրցումէն արդէն 37 երկվայրկեան առաջ 2 կէտեր նշանակեց ֆաուլի ենթարկուելով Վիքթորիա Մաքոլէյի կողմէ, որ 5-րդ ֆաուլը կատարելով դուրս եկաւ դաշտէն: ՀՄԸՄ 75-72 արդիւնքով յառաջացաւ եւ ֆաուլի ազատ հարուածն ալ նշանակելէ ետք արդիւնքը 76-72 եղաւ: Ասիկա (օտարին ելլելը) օգնեց, եւ ՀՄԸՄ 78-75 արդիւնքով յաղթեց, հակառակ Ամար Մանսուրի 3 կէտերուն:

Տանիելլա Ֆայյատ օրուան աստղն էր` նշանակելով 29 կէտ, եւ 5 ռիպաունտ, մինչ Արչըր 19 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Մարթա Պըրս 19 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց 5 սթիլերու կողքին, մինչ Տանիելլա իր կարգին 4 սթիլ կատարած էր:

Նարինէ Կէօքճեան 6 կէտ աւելցուց, մինչ Եաշա Զէյնուն (2 կէտ), Կապի Սաատ (2 կէտ) եւ Փերլա Պու Նասր (1 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մնացեալ կէտերը:

Շատ կարեւոր է զսպել զգացումները մանաւանդ աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն: Այդ պատճառով ալ կը տեսնենք, որ թէ՛   ՀՄԸՄ Անթիլիաս, թէ՛ Ազուր յաճախ լայն առաւելութիւն կ՛ունենան իրար դէմ, բայց որեւէ անախորժ դէպք, իրաւարարի սուլիչ, համակիրներէ որեւէ խօսք, դրական կամ ժխտական ձեւով կրնայ ազդել խումբին արդիւնքին վրայ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները այսօր գիշեր յուսանք կեդրոնացած կ՛ըլլան` բնաւ չազդուելով որեւէ բանէ, միշտ փորձելով ֆաուլ շահիլ մրցակիցէն` աւելի հանգիստ խաղալու համար մանաւանդ որ մրցակիցը կրնայ աւելի հաշիւով պաշտպանել յաւելեալ ֆաուլ չկատարելու:

3-րդ մրցումին պատահածը պէտք չէ կրկնուի, եւ առաջին մրցումին նման  լաւ սկսիլը կարեւոր է, բայց առիթ չտալով մրցակիցին, որ մտնէ մրցումի մթնոլորտին մէջ:

Նշենք, որ միւս կիսաւարտականին Ռիատի 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Պէյրութ Ֆըրսթին եւ կը սպասէ այսօրուան յաղթականին:

 

Նախորդը

Ուասլ 2025. Ռիատի Յաղթեց Սաժեսին Եւ Կ՛ուղղուի Կիսաւարտական

Յաջորդը

Փեսքով. «Ռուսիան Կը Շարունակէ Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Պատրաստուիլ»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.