«էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի մրցումներուն, երէկ արձանագրուեցաւ առաջին անակնկալը, երբ թիւ 4 դասուած Ինտիանա Փէյսըրզ 114-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քլիվլենտ Քեվելիրզին, դուրս ձգեց Արեւելեան շրջանի թիւ 1 դասուած իր մրցակիցը:
Շատեր կը սպասէին, որ Քլիվլենտ Օհայոյի մէջ ինքզինք վերագտնէ եւ յաղթէ Ինտիանային, սակայն Փէյսըրզ իր երեք մրցումներն ալ մրցակիցի դաշտին վրայ կրցաւ յաղթել եւ հասնիլ Արեւելեան շրջանի աւարտական:
Հակառակ լաւ սկսելուն, Քլիվլենտ 19 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ մրցումի սկիզբը, բայց Ինտիանա ոչ միայն հասաւ, այլ նաեւ յաղթեց մրցումին:
Թայրիս Հալիպըրթըն 31 կէտ նշանակեց, իսկ Փասքալ Սիսքամ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ինտիանայի:
Տոնավըն Միչել, որ երկուշաբթի օրուան մրցումին վիրաւորուած էր, վերադարձաւ, բայց նոյնիսկ իր նշանակած 35 կէտերը բաւարար չեղան, որ օգնէ Քլիվլենտին:
Ինտիանա այժմ կը սպասէ Պոսթըն – Նիւ Եորք մրցումին յաղթականին: Պոսթընի մարզիկ Ճէյսըն Թէյթըմ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, եւ դժուար պիտի ըլլայ, որ 2024-ի ախոյեան Սելթիքս կարողութիւնը ունենայ յաղթել Նիւ Եորքին որ 3-1 ճակատումներու առաւելութիւն ունի:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Տենվըր Նակեթց, որ 2023-ի ախոյեանն էր, բուռն պայքարէ ետք վերջին մասին կորսնցուց մրցումը ի նպաստ այս տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգած Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին:
Թանտըր 112-105 արդիւնքով յաղթեց: Վերջին մասին 34-19 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տենվըրի, Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր եւ ընկերներ կրցան Տենվըրի աստղ Նիքոլա Եոքիչի 44 կէտերուն եւ 15 ռիպաունտներուն դէմ պայքարիլ խմբային խաղով:
Շէյ 31 կէտ նշանակեց, իսկ Ճէյլըն Ուիլիամս (18 կէտ), Այզիա Հարթնսթին (15 կէտ), Չեթ Հոլմկրեն (14 կէտ), Ալեքս Քարուաօ (13 կէտ) եւ Լուկենց Տորթ (12 կէտ) եղան Օքլահոմայի աստղերը:
Օքլահոմա այժմ 3-2 արդիւնքով յառաջացած է, եւ այս ճակատումին յաղթականը պիտի մրցի Մինեսոթա – Կոլտըն Սթէյթ (3-1) ճակատումին յաղթականին դէմ: