Աշխարհահռչակ մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա քննադատած է ստորագրութեան «որսորդներ»-ը, որոնք պարբերաբար կը սպասեն իրեն` յոյս ունենալով ստանալու ստորագրութիւնը եւ զայն ծախելու նպատակով:
«Իմ տունս մի՛ ներկայանաք… Գացէ՛ք դպրոց եւ սորվեցէ՛ք, մի՛ վատնեք ձեր կեանքը», յայտնեց Կուարտիոլա:
Սակայն ըստ շատերու, ասիկա մեծ եկամուտներ կ՛ապահովէ: Ստորագրութիւն հաւաքողները սովորաբար կը գնեն մարզաշապիկներ, լուսանկարներ կամ այլ իրեր (օրինակ` գնդակ), ստորագրութիւն ստանալէն ետք զանոնք ծախու դնելու համար:
Սակայն որքա՞ն Կուարտիոլայի ստորագրութիւնը: Ստորագրուած լուսանկար` 40-էն 50 սթերլինկ փաունտ: Մանչեսթըր Սիթիի մարզաշապիկ` Փեփի ստորագրութեամբ` 150 սթերլինկ փաունտ, մինչ յատուկ շրջանակով մարզաշապիկը 500-էն 700 փաունտ կ՛արժէ:
Մեսսիի եւ Հոլանտայի ստորագրութիւնները.
Ստորագրուած մարզաշապիկը` 500-էն 1000 փաունտ
Պաշտօնական ընկերութիւններէ` 2000-էն 3000 փաունտ
Իրենց անձնական նուիրումով շապիկը կրնայ արժել 5.500 փաունտ:
Պատմական ստորագրութիւններ.
Մարատոնայի կամ Փելէի մարզաշապիկ` 1.000-էն 4.000 փաունտ
Շրջանակի առնուած զոյգ աստղերու` Մարատոնայի եւ Փելէի ստորագրած շապիկները` 10 հազար փաունտ:
Բայց գիտէ՞ք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ստանալ ֆութպոլիստի ստորագրութիւնը.
Պլոկըր Ճըրզի Փեշըն վերջերս ներկայացուցած էր 4 հիմնական ձեւեր` ստանալու ֆութպոլիստներու ստորագրութիւն:
1.- Բաց փորձեր, եթէ ակումբը յայտնէ բաց մարզում, մեծ առիթ է մօտենալ խաղցողներուն` ստորագրութիւն պահանջելու:
2.- Դաշտին մօտ սպասել: Պէտք է տեղեակ ըլլալ, թէ ուրկէ՞ ֆութպոլիստները կը մտնեն կամ կ՛ելլեն դաշտէն:
3.- Պանդոկներուն մօտ սպասել: Պէտք է նախապէս տեղեակ ըլլալ, թէ ո՞ւր պիտի մնան մարզիկները:
4.- Օդակայանը սպասել: Ամէնէն բարդ տարբերակը, քանի որ շատ դժուար է կանխատեսել, թէ ո՛ր դռնէն դուրս պիտի գան ֆութպոլիստները:
Անշուշտ յաջողութեան հասնելու համար լաւ կ՛ըլլայ, որ խաղցողի անունով մարզաշապիկ ունենայ անձը, մօտենալով կիրթ, զուսպ ձեւով եւ խօսիլ մարզիկին լեզուով, անշուշտ եթէ կարելի է:
Շատեր իրենց սահմանները կ՛անցնին մարզիկներու տուներուն մօտ սպասելով, բան մը, որ խնդիրի պատճառ կ՛ըլլայ, որուն համար ակումբները միշտ ալ կը պայքարին:
Ֆութպոլի ակումբները կը պայքարին վերավաճառողներու դէմ` սահմանափակելով ստորագրութիւններու բաշխումը: Օրինակ` Մանչեսթըր Եունայթըտ արգիլած է իր ֆութպոլիստներուն ստորագրել մարզաշապիկներ, մինչ Պարսելոնա ինք կը ծախէ ֆութպոլիստներուն ստորագրութիւններով իրեր:
Ստորագրութեան առուծախը վաճառականութիւն եղած է, ուր մեծ ընկերութիւններ, օրինակ` Այքոնզ տարեկան միլիոնաւոր տոլարներու եկամուտներ ունի:
Ստորագրութիւն հաւաքելու աւանդութիւնը սկսած է 16-րդ դարուն Ֆրանսայի մէջ, իսկ 19-րդ դարուն վերածուեցաւ վաճառականութեան: Վաճառականութիւնը աճուրդի միջոցով է:
Այժմ ամէնէն սուղ ստորագրութիւնը կը պատկանի Ուիլիըմ Շէյքս Փիրի, որ 3 միլիոն փաունտ կ՛արժէ: