Երկուշաբթի գիշեր, «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրի դաշտին վրայ Ուասլի եւ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի եւ Սաժես իրար դէմ մրցեցան:
Առաջին հանգրուանին երկու անգամ յաղթելէ ետք, Ռիատի 101-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը:
Ռիատի Ֆայնըլ 8-ի գծով իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց շաբաթ օր Ասթանային յաղթելէ ետք (93-58), մինչ Սաժես, որ Ճետտայի Իթթիհատին յաղթած էր (99-69), պէտք է անպայման յաղթէ Ասթանային` հասնելու համար կիսաւարտական: Այսօր ժամը 17:45-ին Սաժես կը մրցի Ղազախստանի ախոյեան Ասթանայի դէմ, մինչ 20:45-ին Ռիատի կը մրցի Իթթիհատի դէմ:
Շաբաթ օր տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ կիրակի` աւարտականը:
Ռիատի – Սաժես (101-71) մրցումի լաւագոյն մարզիկն էր Ռիատիի եւ Ասիոյ լաւագոյն մարզիկներէն Ուաէլ Արաքժի, որ 36 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ եւ կատարելով 6 էսիսթ ալ:
14-ական կէտեր նշանակեցին Մարին Մարիչ, Ալի Մանսուր եւ Թոն Մէյքըր, որ 10 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց:
Զաք Լոֆթըն 17 կէտ նշանակեց եւ երկու թեքնիքըլ ֆաուլերէ ետք մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ վտարուեցաւ դաշտէն: 13-ական կէտեր նշանակեցին Ճոնի Օ՛պրայընթ եւ Քէյտի Լալէյն: 10 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Ժատ Խալիլ: