Ըստ «ԱՍ» պարբերականին, Ռէալ Մատրիտ կը քննարկէ ակումբի միջնապահներ Լուքաս Վասքիսի եւ Լուքա Մոտրիչի պայմանագիրները 15 օրով վերանորոգելը, որպէսզի անոնք կարենան մասնակցիլ ակումբներու մոնտիալին:
Երկու ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին 30 յունիսին, մինչ ակումբներու մոնտիալը կը սկսի 15 յունիսին եւ կ՛աւարտի 13 յուլիսին:
Ռէալ Մատրիտ, որ այս տարի որեւէ տիտղոս չէ կրցած շահիլ, արդէն իսկ իր վերջին ամիսները կը բոլորէ իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի հետ, որ պիտի մարզէ Պրազիլի ազգային խումբը:
Աւելի՛ն, վերջերս Ռէատի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր չի փափաքիր երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը խումբին հետ:
Վստահաբար Պայեր Լեւերքուզընի սպանացի մարզիչ Չապի Ալանսոյի հասնելէն ետք Ռէալ Մատրիտի ակումբի գլուխ շատ բան պիտի փոխուի:
Հաւանական է, որ նոր մարզիկներ միանան Ռէալին, մինչ այլ մարզիկներ պիտի լքեն մատրիտեան ակումբը:
Թերեւս Ալոնսօ կրնայ համոզել պրազիլցի յառաջապահ Էնտրիքը, որ մտադիր է լքել Ռէալը` ֆութպոլ խաղալու առիթ ունենալու համար:
Ռէալ, որ այս եղանակին աւարտին նպատակ ունի աջ պաշտպան, ձախ պաշտպան եւ միջնապահ ձեռք ձգել, սկսած է արդէն ամրացնել իր խումբը: Լիվըրփուլի մարզիկ Թրենթ Ալեքսանտր Առնոլտ աջ ծայրի պաշտպանի նորեկ մարզիկն է: Միջնապահ դիրքի հաւանական մարզիկն է Ֆլորիան Վերց, որ Ալոնսոյի հետ շահած էր անցեալ տարուան «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսը:
Բայց որքանո՞վ Վերց կը փափաքի մեկնիլ Ռէալ Մատրիտ, օրերը ցոյց կու տան: Պայերն Միւնիխի երազն է ձեռք ձգել Վիրցը` Մուսիալայի հետ յարձակող զոյգ կազմելու համար Պայերնի մջ: Վիրցի փոխանցման արժէքը 100 միլիոն եուրոյէն պակաս չէ:
Վիրցի փոխանցման ձախողութեան պարագային, Ռէալ նպատակ ունի ձեռք ձգել Լիվըրփուլի միջնապահ Ալեքսիս Մաքալիսթըրը: Ձախ պաշտպանի համար նկատի առնուած է Պորնմաութի 21 տարեկան հունգարացի մարզիկ Միլոշ Քերքես: