Արեւելեան շրջանի 3-րդ դասուած խումբը` Նիւ Եորք Նիքս, Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ կրցաւ 121-113 արդիւնքով պարտութեան մատնել անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքսը եւ յառաջացաւ 3-1 արդիւնքով:
Մրցումի վերջին վայրկեաններուն Ճէյսըն Թէյթըմ վիրաւորեց իր սրունքը եւ դուրս բերուեցաւ դաշտէն:
Սելթիքս պէտք է «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան «14-րդ վերադարձը» կատարէ, եթէ 3-1 մրցումներու հաշուով կարենայ 4-3-ի վերածել իր պարտութիւնը:
Պէտք է ըսել, որ Պոսթըն Սելթիքս առաջին կիսախաղին աւելի լաւ էր, քան Նիքս, բայց Նիւ Եորք Նիքս Բ. կիսախաղին տիրապետեց:
Ճէյլըն Պրանսըն 39 կէտ եւ 12 էսիսթ կատարեց, մինչ Միքալ Պրիճզ եւ Քարլ – Անթոնի Թաունզ 23-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Նիւ Եորքի, որուն աստղերէն Օ. Ճի. Անունոպի 20 կէտ աւելցուց իր ձախող ելոյթներէն ետք:
Թէյթըմ, որ 42 կէտ նշանակած էր, թըրն օվըրէ մը ետք կը փորձէր տիրանալ գնդակին, երբ վիրաւորեց իր սրունքը, ինչ որ ըստ երեւոյթին զինք պիտի զրկէ յառաջիկայ մրցումներուն մասնակցելէ:
Վերջին անգամ 2020-ին Տենվըր Նակեթց 3-1 մրցումներու արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցած էր 4-3 արդիւնքով յաղթել: 2016-ի աւարտականին ալ Քլիվլենտ Քեվելիրզ կրցած էր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին յաղթել 3-1` արդիւնքով ետ մնալէ ետք:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ Արեւմտեան շրջանի Քալիֆորնիա նահանգի միակ խումբն է, որ տակաւին կը պայքարի առանց Սթեֆ Քըրրիի, անգամ մը եւս պարտութիւն կրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն 117-110 արդիւնքով:
Մինեսոթա պէտք ունեցաւ Անթոնի Էտուըրտծի փայլուն ելոյթին, որ 3-րդ մասին 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը նշանակելով 11 կէտ այն պահուն, երբ Մինեսոթա 17-0 յաջորդական կէտեր նշանակեց:
Մինեսոթա 85-68 արդիւնքով յառաջացաւ եւ հաստատեց յաղթանակը: Ճուլիըս Ռենտըլ 31 կէտ նշանակեց, մինչ Էտուըրտծ 30 կէտով աւարտեց մրցումը` ի նպաստ Մինեսոթայի:
Կոլտըն Սթէյթի պահեստի մարզիկ Ճոնաթըն Քամինկա 23 կէտ նշանակեց, մինչ Ճիմի Պաթլըր (14 կէտ), Տրէյմընտ Կրին (14 կէտ), Պատի Հիլտ (13 կէտ) եւո Պրենտըն Փոծիմսքի (11 կէտ) միջակ ելոյթ ունեցան: