Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

May 15, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին իրաւարար նշանակուած է ռումանացի Իշթվան Քովաչ:

Աւարտական մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ Միւնիխի մէջ, Ինթեր Միլան եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն իրար դէմ պիտի մրցին 31 մայիսին:

«Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականին, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Թոթենհամ իրար դէմ պիտի մրցին 21 մայիսին: Այս մրցումը պիտի ղեկավարէ գերմանացի Ֆելիքս Զվայըր, եւ տեղի պիտի ունենայ Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա):

«Քոնֆերենս լիկ»-ի աւարտականին պիտի մրցին Չելսի եւ Ռէալ Պեթիս: Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Վրոչլաւի (Լեհաստան) մէջ, զայն պիտի ղեկավարէ պոսնիացի իրաւարար Իրֆան Փելիթօ:

. ՎԵՐՋԵՐՍ շատ գանգատներու ենթարկուելէ ետք, ըստ երեւոյթին «Եու. Է. Էֆ. Ա.» լրջօրէն կը քննարկէ օֆ սայտի դրութիւնը: Օֆ սայտ պիտի չնկատուի քանի մը սանթիմեթր տարբերութեան համար: Այս ձեւին մօտ գաղափար յղացած էր ֆրանսացի Արսէն Վինկըր 2021-ին, սակայն նկատի չէր առնուած անոր առաջարկը:

. ԱՇԽԱՐՀԻ եւ Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Եուվենթուսի նախկին աստղերէն` Սաւիտ Թրեզեկէ, որ այժմ ՖԻՖԱ-ի դեսպան է, 29 մայիսին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Եուվենթուսի եւ Հայաստանի ակադեմիաներու պաշտօնական ներկայացման:

. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ գլխաւոր մարզիչ Հանս Տիթըր Ֆլիք կրնայ շուտով երկարաձգել ակումբին հետ իր աշխատանքային պայմանագիրը:

60 տարեկան Ֆլիք, որ անցեալ ամառ միացած էր Պարսային` փոխարինելով Չաւի Հեռնանտեսը, կրցաւ Սպանիոյ բաժակը շահիլ, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ գերբաժակը շահեցաւ, եւ շատ մօտ է «Լա լիկա»-ն ալ շահելու, եւ այժմ ոչ միայն Սպանիոյ, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի ամէնէն գեղեցիկ ֆութպոլը կը ցուցաբերէ:

. ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ Քեւին Տը Պրոյնէ տակաւին յստակ չէ, թէ ո՞ւր կը մեկնի այս ամառ, երբ Մանչեսթըր Սիթիի հետ իր պայմանագրութիւնը աւարտի:

Ըստ լրագրողներու, ան այժմէն իսկ համաձայնած է միանալու Նափոլի: Իտալական ակումբը առաջարկած է 2+1 պայմանագիր, սակայն Տը Պրոյնէ կը պնդէ, որ պայմանագիրի 3-րդ տարին ալ երաշխաւորուած ըլլայ:

Ան արդէն իսկ առաջարկներ ստացած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ կարգ մը ակումբներէ:

. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ կը շարունակէ աշխատիլ Ժերեմի Ֆրիմփոնկի փոխանցումին շուրջ:

Ըստ Ֆլորիան Փլեթենպերկի (լրագրող), Պայեր Լեւերքուզընի աջ յետսապահ Ֆրիմփոնկի հետ բանակցութիւնները հասած են վերջին հանգրուան:

Եթէ յաջողի այս փոխանցումը, Ֆրիմփոնկ պիտի փոխարինէ Թրենթ Ալեքսանտր – Առնոլտը, որ պիտի միանայ Ռէալ Մատրիտին:

Լիվըրփուլ կը հետաքրքրուի նաեւ Մոնաքոյի աջ պաշտպան Վանտերսոնով, որ այս պահուն ակումբի նպատակներուն մէջ կը գտնուի:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Դուրս Մնաց. Նակեթց – Թանտըր` 2-3

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.