Սեւիլլայի յետսապահ Ալէյքս Վիտալ իր կազմը լքելով միացաւ Պարսելոնայի` 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով խումբին հետ:
Սակայն 25 տարեկան Վիտալ Պարսելոնայի հետ կրնայ դաշտ ներկայանալ միայն յառաջիկայ յունուարէն ետք, երբ ակումբին դէմ սահմանուած մարզիկներու փոխանցման արգելքը վերցուի:
Միջազգային մամուլին համաձայն, Պարսելոնա անոր ակումբին պիտի վճարէ 10 միլիոն եւրօ:


