Գիւմրի Շիրակի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ իր կազմին մաս կազմող միջնապահ Գոռ Մալաքեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքական:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 8-15 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ` պատրաստուելու համար 16 յունիսին, Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Ռումանիա – Հայաստան զտումի մրցումին: