Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արտակ Օսէեան նշանակուեցաւ գլխաւոր մարզիչ:
Անոր օգնականները պիտի ըլլան Կարէն Սիմոնեան եւ Վլատիմիր Վարդանեան (բերդապահներու մարզիչ):
Նշենք, որ պատրաստուելու համար 16 յունիսին տեղի ունենալիք Ռումանիա – Հայաստան (Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտում) մրցումին, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 8-14 յունիսին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ:


