Վարտարի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան մակեդոնական պարբերաթերթի մը կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Նշենք, որ Համբարձումեան նոր աւարտած ախոյեանութեան Վարտարի ամէնէն շատ կոլի փոխանցում (8) կատարած ֆութպոլիստն է, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


