Մոսկուայի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը իր կատարած բարեկամական առաջին մրցումին 70-69 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ ուսանողական ախոյեանութեան ախոյեանին Մկուին:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը, մրցումը տեղի ունեցած է բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ եւ երկու կողմերուն միջեւ պայքարը եղած է բաւական սուր: Սակայն մրցումին վերջին երկվայրկեանին, Հայաստանի յաղթանակ պարգեւած է Էտկար Բաբայեանի կողմէ նշանակուած 3 կէտնոց կողովը:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Միքայէլ Պօղոսեան:
Տեղին է նշել, որ Հայաստան կը նախապատրաստուի 9-19 յուլիսին Հունգարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: