

Ամերիկացի թիւ 1 դասուած թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Ֆրանսայի թենիսի («Ռոլան Կարոս») կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, երբ աւարտականին 6-3, 6-7 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց 13-րդ դասուած չեխ Լիւսի Սաֆարովայի:
Սերենա Ուիլիըմզ (33 տարեկան), որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց 2 ժամ եւ 1 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, այսպիսով դարձաւ երրորդ մարզիկը (տղայ կամ աղջիկ), որ կը տիրանայ իր 20-րդ կրան շլեմի տիտղոսին:
Նշենք, որ Սաֆարովա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հասնէր կրան շլեմի մրցաշարքի մը աւարտականին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 8-րդ դասուած զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայի յաղթանակով, որ 4-6, 6-4, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց թիւ 1 դասուած Նովաք Տիոքովիչի (Սերպիա):