
Ճափոնական Սերեսօ Օսաքա խումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը պիտի չերկարաձգէ իր յառաջապահին` Տիեկօ Ֆորլանի պայմանագրութիւնը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի, ան պիտի դառնայ ազատ մարզիկ:
Ճափոնի 2-րդ խումբին մէջ հանդէս եկող Օսաքայի հետ 36 տարեկան ուրուկուէյցին հանդէս կու գայ նախորդ տարիէն:
Ընդհանուր առմամբ 39 մրցումի ընթացքին Ֆորլան նշանակեց 16 կոլ, կը յայտնէ ArmSport.am:


