Իր լուրը քաղելով Football.ua կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Մեթալուրկ Տոնեցք:
Տոնեցքեան խումբը եւ Տնեփրոցերժինսքի Սթալ պիտի միանան:
Փաստօրէն, Մեթալուրկ պիտի անհետանայ Ուքրանիոյ ֆութպոլի քարտէսէն:
Նշենք, որ Մեթալուրկ, որ հիմնուած է 1996-ին, 1998-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Ուքրանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
Հոս տեղին է նշել, որ Մեթալուրկէն հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռումեան Յովսէփեան, իսկ ակումբին գլխաւոր բաժնետէրերէն մէկը հայ գործարար Օլեկ Մկրտչեանն է:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտին Մեթալուրկ գրաւեց 8-րդ դիրքը: