Skysports.com կայքը կը հաղորդէ, որ Եուվենթուսի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ շատ հաւանաբար վերադառնայ Անգլիա:
Արժանթինցի յառաջապահով շատ մօտէն հետաքրքրուած է Լիվըրփուլ:
Նշենք, որ ան նախապէս մաս կազմած է անգլիական Ուեսթ Համ, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբներուն:
Թեւեզով հետաքրքրուած է նաեւ Պոքա Ժունիորզ: